Արաբկիր՝ Ճամբորդութիւններ Դէպի Սուտան
Սուտանէն Անգլիայ բերուած մեծհօրս իրերուն մէջ գիրգ մը կար վերնագրուած «Պատմութիւն Հայոց Արաբկիրի» հրատարակուած 1969-ին՝ Անդրանիկ Փոլատեանի կողմէ։ Գիրքը հեղինակին կողմէ մակագրուած էր հետեւեալ տողերով՝
“Բարեկամական ջերմ զգացումներով՝ - Պատմութիւն Հայոց Արաբկիրի – Այս հատորը կը նուիրեմ Պրն․ Պերճ Խաչիկեանին, անոր՝ որ իր սրտին մէջ վառ կը պահէ սէրը հայ լեզուին եւ գրականութեան”
Համոզուած եմ որ Գ. Եկաւեանը Գառնիկ Եկաւեանն է՝, Արաբկիրցի բնիկ մը, որ փրկուած էր Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ ապաստան գտած Սուտան, ինչպէս նշուած էր մեր նախորդ գրառման մէջ։ Մեծածաւալ այս հատորը կը ներկայացնէ Արաբկիրի պատմական բնութիւնը, աւանդոյթները, երաժշտութիւնը եւ արհեստագործութիւնը։ Գլխաւորապէս, այնտեղ կ’ընդգրկուի բաժին մը, որ կը պատմէ Արաբկիրի հայերու մասին, որոնք կոտորածներու ու ցեղասպանութեան պատճառով աքսորուեցան՝ եւ տարածուեցան աշխարհով մէկ՝ հաստատուելով նաեւ Սուտան։
Գիրքի այս բաժինը յատկացուած է Հայր Դէրենիկ Եպիսկոպոս Փոլատեանին, Առաջնորդ Ադիս Աբեբայի Հայոց Եկեղեցւոյ որը 1960-թուականին այցելած է Սուտան եւ գրի առած Սուտանի մէջ ապրող Արաբկիրցի հայերու մասին։ Մենք պիտի ամփոփենք այդ բաժինը՝ առաւել լուսարձակի տակ առնելով Արաբկիրէն մինչեւ Սուտան անցած ուղին։
Արաբկիրի եւ Սուտանի հայութեան կեանքի լուսանկարները տեսնելէ ետք ավելի հեշտ էր պատկերացնել, թէ ինչպիսի կեանքով էին անցած այս արտագաղթողները։ Արաբկիրէն հեռու, Նեղոսի ափերուն, աշխարհագրական եւ մշակութային առումով անծանօթ միջավայրի մը մէջ այս գաղթականները հիմնած են խանութներ, ջրաղացներ եւ վաճառատուներ։ Անոնք՝, շատ անգամներ, տարածաշրջանի միակ ոչ բնիկ ժողովուրդը ըլլալով, ստիպուած էին սորվիլ նոր լեզուներ, օգտագօրծելով իրենց հարուստ աւանդոյթը արհեստներու, առեւտուրի, գիւղատնտեսութեան մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ օգտուելով մերձաւոր արեւելքի միւս հայերու հետ իրենց հիմնած ցանցերէն որպէսզի բարգաւաճեն Սուտանին մէջ։
Տէր Դերենիկ Եպիսկոպոս Փոլատեան Սուտանի Հայերու Մասին
19րդ դարու վերջին, հայեր, մասնաւորապէս Արաբկիրէն եւ Ակնէն, սկսած էին մշտական բնակութիւն հաստատել Սուտանի մէջ։ 1894-1897 թուականներու Համիդեան ջարդերն ու 1909 թուականի Ադանայի ջարդերը առաւել նպաստեցին արտագաղի հոսանքին դէպի Եկիպտոս եւ Սուտան։ Սուտանի համբաւը՝ որպէս «բարեկամական ափ», ապահովութիւն եւ հնարաւորութիւն տուաւ այս տեղահանուած համայնքներուն։ Հայերը զիրար օգնելով յաջողեցան Սուտանի մէջ հաստատուիլ եւ իրենց գործարքները հիմնել մօտիկ կապերու մէջ մնալով սակայն Եգիպտոսի հայ մեծ համայնքի եւ առեւտրական ցանցերուն հետ։ Հետեւեալ անձինք բոլորն ալ Արաբկիրցի բնիկներ էին։
Սարգիս Մելիքեան —Առաջին գրանցուած հայը, որը հաստատուած է Սուտան 1840-ականներէն ի վեր, իր բարեկամ Պետրոսին հետ։ Անոնք հիմքը դրին բարգաւաճող առեւտրական գործարքի մը, որ կը կապեր Սուտանը Եգիպտոսին։ Մեծ հարստութիւն դիզեցելով եւ ընդարձակ հողատարածքներ ձեռք բերելով, վերջապէս կը մահանայ Բահր ըլ Աբիադ շրջանին մէջ։
Սարգիս Հակոբեան – Սուտան կը ժամանէ 1860-ականներուն որպէս վաճառական, սակայն Մահդիական պատերազմի պատճառով Սուտանէն կը հեռանայ եւ բնակութիւն կը հաստատէ Ասուան քաղաք, Եգիպտոս:
Քիւրքճեան եղբայրներ՝ – Հարութիւն, Ղուկաս, Նազարեթ, Սեդրակ, Հովհաննէս եւ Մատթէոս Քիւրքճեան ներ՝ իրենց ժամանակի Սուտանահայերու ամենայաջողակներն էին։ Ղուկաս 1898-ին կը հաստատուի Օմդուրման իր չորս եղբայրները հաւաքելով իր շուրջը: Հարութիւնը արդէն զոհուած էր 1896-ին Համիդեան կոտորածներու ժամանակ: Անոնք կը հիմնեն ‘’ Քիւրքճեան եան Եղբայրներ Ընկերութիւնը’’ Օմդուրմանի մէջ, որը կը դառնայ Սուտանի կառավարութեան սնունդի հիմնական մատակարարողը նախքան ընկերութեան ընդլայնումը գիւղատնտեսութեան եւ առեւտրական կապերով Եւրոպայի հետ: Իրենց գործարքը ներդրում ունեցած է նաեւ ենթակառուցուածքներու եւ նավահանգիստներու ասպարէզներուն մէջ, կառուցելով ճամբաներ, կամուրջներ եւ երկաթուղիներ: 1922-ին եղբայրները կը բաժնուին, իւրաքանչիւրը հիմնելով իր առանձին ձեռնարկութիւնը: Նազարեթը, Սեդրակը եւ Մատթէոսը նոր գործարք մը կ’սկսին Խարտում, Նազարեթի որդու Սարգիսի` նախագահութեամբ: Մատթէոս Քիւրքճեան կը կառուցէ Սուտանի առաջին ժամանակակից ձիթհանն ու ալրաղացը: Ղուկասի որդիները՝ Տելեմակ եւ Հայկազուն, կը հիմնեն ‘’Կորդոֆան Առեւտրային Ընկերութիւնը’’: Քիւրքճեան եղբայրներն ու ժառանգները ըլլալով Սուտանի ամենայաջողակ հայերէն նիւթապէս օժանդակած են տեղւոյն հայ համայնքի զանազան հաստատություններուն, ներառեալ նաեւ Խարտումի Սուրբ Գրիգոր Լուսավորիչ եկեղեցին:
Ֆիլիպ եւ Եղիա Աբգարեան – Եղբայրները 1900-ին տեղափոխուած են Կոտոկ եւ զբաղուած առեւտուրով: Ֆիլիպը 1912-ին կը տեղափոխուի Օմդուրման, իսկ Եղիան կը մնայ Կոտոկ մինչեւ 1941 ու ապա կը տեղափոխուի Օմդուրման: Ֆիլիպ Զաւակ չէ ունեցած․ 1947-ին կը տեղափոխուի Գահիրէ, ուր կը հիմնէ ‘Աբգարեան Դարմանատուն’ (Աբգարեան Բժշկական Կեդրոնը): Եղիայի որդին Հովսէփը կը յաճախէ Գահիրէի Գալուստեան վարժարան նախքան իր վերադարձը Սուտան աշխատելու: Կոդոկ քաղաքին մէջ կ’ապրէին նաեւ Սարգիս Չիրքինեան, Արմենակ Քեօռօղլեան եւ Յակոբ Խանճեան:
Սարգիս Դարբինեան – 1914-ին կը հաստատուի Մալաքալ, ուր կը հիմնէ առեւտրի տուն եւ ալիւրագործարան: Մալաքալ քաղաքի նշանաւոր առեւտրականն էր, որ բնակութիւն հաստատեց այնտեղ՝ իր մօրեղբայրներ Ֆիլիպ եւ Եղիա Ապգարեաններու հետ Կոդոկի մէջ ժամանակ մը անցնելէ ետք: (Սուտանահայ բանաւոր պատմութեան արխիւէն գիտենք, որ Սարգիս Դարբինեան ամուսնացած էր ՝, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած Լիբանանի որբանոցներէն մէկի որբերէն ‘Գեղեցիկի’ հետ: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Սարգիսը ընտանիքը կուղարկէ հիւսիսային Գահիրէ, ինքը կը մնայ Մալաքալ նիւթական օժանդակութիւն ուղարկելով անոնց: Պատերազմէն ետք անոնց չարտօնեցին մնալ Եգիպտոս): 1948-ին Սարգիս կը տեղափոխուի Մալաքալէն Օմդուրման։ Ան ուներ չորս զաւակ՝ որոնցմէ մէկը սոյն տողերը գրողի մեծմայրըն է:
Ֆիլիպ Գալբաքեան – ծնած է Արաբկիր 1886-ին․ 1901-ին անցած է Սուտան: 1906-ին հաստատուելով Գեդարեֆ որպէս խոշոր առեւտրական կարեւոր պաշտօն կ’զբաղեցնէ տեղւոյն կառավարութեան մէջ: Հիմնած է Գեդարեֆի առաջին երկաթուղին եւ փոստային ծառայութիւնը, որով նպատակ ունեցեր է ինքնաշարժով փոխարինել մինչ այդ ուխտերով հաղորդակցութիւնը: Հարգուած էր անգլիացիներու, սուտանցիներու եւ հայերու կողմէ: 1931-ին Ե.Ա. Լէուա գրած է, որ Ֆիլիպ Գալբաքեան եղած է հացահատիկի յանձնակատարը Բրիտանիոյ Արաբական արեւելեան բանակին, հիմնելով երթեւեկութեան ու հաղորդակցութեան միջոցներ Գեդարեֆի եւ այլ վայրերու միջեւ: Մահացեր է 1938-ին իր տունը նվիրելով Գեդարեֆի հայ համայնքին: Իր հարստութեան մի մասը յատկացուցած է Ալեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի գործող ՀԲԸ Միութեան՝ աղքատներուն օգնելու նպատակով:
Գէորգ Իգիբատշեան – Գէորգ ապրած է Քասալայ, որ այն ժամանակ կը գտնուեր Եթովպիական սահմանին մօտ: Առաջին համաշխարհային պատերազմէն յետոյ այնտեղ հաստատուած էին շուրջ 10 հայ ընտանիքներ: 1936-ին Քասալայի մէջ կապրէին շուրջ 30 հայ իսկ Գէորգը անոնց ներկայացուցիչն էր տեղական կառավարման մարմիններու քով: Գէորգի ջանքերով իշխանութիւնները հայերուն առաջարկած էին տարածք մը ապրելու ու դպրոց մը կառուցելու հնարաւորութեամբ, սակայն տարբեր գործոններու պատճառով հայերը ի վերջոյ մերժած են առաջարկը: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ՝ 1940-ի Յուլիսի 4-ին, իտալացիները կը գրաւեն Քասալան եւ Գէորգի տունը կը գործածեն որպէս իրենց ռազմական զօրանոց: Երբ բրիտանացիները գրաւեցին Քասալան, որոշ հայեր կը վերադառնան, բայց ի վերջոյ անոնք կը հեռացան՝ թողնելով այնտեղ Իգիդբաշյաններու ընտանիքը միայն։ Գեւորգի տունը բաց տարածք էր Կասալայ այցելող կամ անցնող բոլոր հայերու համար:
Նախկին Այլ Ուղեւորութիւններ Դէպի Սուտան.
Հայերու՝ Սուդան գաղթի մասին ամբողջական պատկերացում մը կազմելու համար Արաբկիրցի հայերու մասին պատմութիւնը կ’լրացնենք Օսմանեան կայսրութեան այլ վայրերէն եւ այլ աղբիւրներէն վերցուաց այլ պատմութիւններով։
Մկրտիչ Ուլիկեան – Ծնած է Պոլիս (այժմ Ստամբուլ) 1904 թուականին։ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ իր հայրը Պոլսոյ մէջ ամերիկեան որբանոցի մը կը յանձնէ իրեն, իր երկու եղբայրներուն եւ քրոջը․ Ցանկապատի ճաղերուն վրայէն յանձնելով անոնց ան կը հեռանայ, յոյս ունենալով, որ այս կերպ երեխաները կը կարենան ազատիլ։ 1920-ին՝ 16 տարեկան Մկրտիչը եւ իր մեկ եղբայրը իրենց միւս եղբայրը եւ քոյրը թողնելով որբանոց կը մեկնին Եգիպտոս՝ միանալու իրենց հօրը, որը Ցեղասպանութիւնէն փրկուած հաստատուած էր Եգիպտոս։ Մկրտիչը Եգիպտոսին մէջ կը դառնայ մեքենագործ, ապա կը տեղափոխուի Սուտան, լսած ըլլալով որ հոն մեքենագէտներու կարիքը կար։ Էլ Օպէյտ քաղաքին մէջ ան որեւէ մեկի ծանօթ չեր, սակայն տեղեկացաւ, որ սուտանահայ հարուստ մը կար՝ Սարգիս Աղա անունով։ Սարգիս Աղան ուրախ էր հանդիպելու երիտասարդ հայրենակցին, համաձայնելով նիւթապէս օժանդակել Մկրտիչի ծրագրին՝ բեռնատարի գործարք մը հիմնելու համար՝, ըսելով անոր. «Գնա՛ եւ ուզածդ գնէ այս փողերով, վայելէ՛․ Պարտքդ կը մարես երբ այս գումարի կարիքը այլեւս չես ունենար»։ Մկրտիչը՝ Սուտանի մէջ, աշխատեցաւ ցեղային եւ մարզային սահմաններ անցնելով իր գործը զարգացնելու համար՝ ձեռք բերելով չորս բեռնատար։ Ամուսնանալով Ազատուհի Մաթոսեանի հետ, որը նոյնպէս Ցեղասպանութենէն փրկուած, անգարայէն գաղթած ընտանիքի աղջիկն մըն էր։ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք միացաւ Խորհրդային Միութեան կազմակերպած զանգուածային հայրենադարձութեանը դէպի Խորհրդային Հայաստան։ Ուլիկեանները շուտով կաքսորուին Սիբիր՝ այլ հայրենադարձներուն հետ։ 1956ին՝ վերադարնալով Հայաստան ան կը մահանայ Երեւան 1997 թուականին։
Հռութ Աֆարեան – Տիկին Հռութը 1960-ական նկարներուն մէջ ներկայ է իւրաքանչիւր հայ դպրոցական աշակերտներուն հետ։ Այս նախագիծի բանաւոր պատմութիւններուն մէջ բոլորը կը յիշեն իրեն, սակայն քիչ բան գիտեն իր մասին բացի այն, որ ան ալ Ցեղասպանութեան վերապրածներէն է։ Ցեղասպանութեան ժամանակ կորսնցուցած էր իր ամուսինը եւ չորս զաւակները, սակայն գտած էր ճամբան դէպի Խարտում միանալու իր զարմիկին՝, Մխիթար Սետիկեանին։ Հետագային ան օգնած է հայկական դպրոցի աշխատանքներուն եւ դպրոցին մէջ սենեակ մը ապահովելով բնակած է հոն։ Իր մասին համայնքի կարեւոր մեկնաբանութիւններէն էր որ «ան մեծմայրն էր իւրաքանչիւր երեխային որը դպրոցի դռներէն ներս կանցներ», «բոլորին որդեգրած մեծմայրը» եւ «Հոգատարը իւրաքանչիւր հայի համար»։ Տիկին Հռութ՝ մահացաւ Խարտում 1969 թուականին։
Արտաշ Գասպարեան – Արաբկիրցի մը, որ տեղափոխուեց Եգիպտոս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք։ Ընկերները առաջարկեցին, որ Սուտան գնայ գործարարական հնարաւորութիւններ փնտռելու։ Գնաց Կամլին գիւղը եւ փոքրիկ խանութ մը բացաւ։ Ամուսնացաւ եւ ունեցաւ երեք զաւակ՝ Վերգին անունով կնոջ հետ, որը ծանրագոյն ճամբայ անցած էր արեւմտեան Հայաստանի բարձրունքներէն Սուտան հասնելու համար՝ քալելով, ձիով երկաթուղիով եւ նաւով՝։ Արտաշ վերջերս ընտանիքը տեղափոխելով Օմդուրման այնտեղ հիմնեց աւելի մեծ խանութ մը։
Արթին Առաքիլեան – 1859-ին Գետարեֆ ներմուծեց ծխախոտի աճեցման գործը, որը յետոյ կ’ուղարկուեր Խարտում՝ չորացման եւ արտահանման համար։ Մահացաւ 1889 թուականին։
Բնութագրելով այս պատմութիւնները
Վերոյիշեալ կեանքերէն իւրաքանչիւրը կը պարունակէ չափազանց մէծ ճամբորդութիւններ որոնք հարմարուելով նոր կլիմաներուն եւ մշակոյթներուն կրցած են հիմնել կայուն կեանք նեցուկ կանգնելով իրենց ընտանիքներուն։ Եթէ կարողանայինք այսօր խօսիլ այդ մարդոց հետ Սուտանահայ բանաւոր պատմութեան արխիւի համար, անշուշտ իրենց պատմութիւնները լեցուն պիտի ըլլային տառապանքով, դժուարութիւններով եւ օտարութեան զգացողութեամբ, մինչեւ իրենց կեանքի հաստատուիլը Սուտանի հիւրընկալ ու բարիացակամ ափերուն վրայ։
Պատմութիւնները ցոյց կու տան, որ հայերը հաճախ սկզբնապէս հաստատուած են Սուտանի տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս Մալաքալ, Կոտօք, Գետարեֆ, Կամլին, Քորդոֆան, Քասսալա եւ այլ։ Անոնք նաեւ կը հաստատեն, որ հայկական գաղթը դէպի Սուտան եղած է ալիքներով. առաջին ալիքը տեղի է ունեցած Թուրք-Եգիպտական տիրապետութեան՝ ժամանակաշրջանին, երբ Եգիպտոսէն գաղթող հայերը փորձած են գտնել տնտեսական աւելի լաւ հնարաւորութիւններ։ Երկրորդ ալիքը եղած է՝ երբ մարդիկ փնտռած են անվտանգութիւն եւ աւելի լաւ կեանք Համիդեան եւ Ադանայի ջարդերէն ետք, ինչը կը համընկնէ նաեւ Բրիտանիոյ կողմէ Սուտանի գաղութացման ժամանակաշրջանին։ Երրորդ ալիքը եղած են անոնք որոնք Ցեղասպանութենէն փրկուած՝ (1921-22 թուականներու Կիլիկիայէն եւ Իզմիրէն աքսորուածները), միացած են իրենց ընտանիքներուն կամ ընկերներուն, որոնք արդէն հաստատուած էին Սուտան։
“1898-ին Բրիտանացիներու հետ Սուտան եկան քանի մը Հայեր, Սիրիացիներ եւ Հոյներ, որոնք այստեղ հաստատուեցան։ Անոնք առեւտրականներ եւ վարկատուներ էին… Անոնք ունէին խանութներ, որոնց մէջ կար ամեն տեսակի ապրանք, որ բերուած էր Եգիպտոսէն։»”
Բրիտանական նուիրապետական դիրքորոշումները գաղութային ազգութիւններու նկատմամբ կը խրախուսէին, որ «Եւրոպական» (այստեղ այսինքն՝ ոչ Սուտանցի կամ Արաբ) համայնքները հաստատուին որպէս առեւտրականներ․ իսկ Եգիպտական համայնքները ծառայեն կառավարութեան մէջ, որպես զի իրենց կայսերական ծրագիրներուն մէջ Սուտանը վերակառուցելու ջանքերուն մասնակից ըլլան: Մեր վերջին գրառումներուն մէջ պիտի ուսումնասիրենք Սուտան ներթափանցման սկզբնական ժամանակաշրջանին Բրիտանական փաստագրական աղբիւրները, որոնց մէջ յիշատակուած կըլլան նաեւ հայերը։
Փոլադեանի մատենագրութեան մէջ կը յայտնուի օրինաչափութիւն մը, ըստ որու՝ հայերը սկզբին հաստատուած էին մարզերուն մէջ, իսկ հետագային տեղափոխուած՝ են Խարտում կամ Օմդուրման։ Այս օրինաչափութիւնը ու Խարտումի գաղութային քաղաք ըլլալու պարագան մենք կը քննենք մեր յետագայ հոդվածներուն մէջ։
Այս պատմութիւնը նաեւ մեզ կը սորուեցնէ առեւտրական ցանցերու կարեւորութիւնը՝ Հայկական լեռնաշխարհէն Սուտան գաղթեալներուն, այս պարագային Արաբկիրէն գաղթածներու համագործակցութիւնը հնարաւորութիւններ տալու միմիանց գործարքներուն։ Նախորդ գրութիւններէն գիտենք, որ Տոկտոր Ճէրջեանը՝ Քիւրճեան եղբայրներու կողմէ աշխատակազմի ղեկավար նշանակուած էր Սուդան, իսկ այս պատմութիւններուն մէջ բազմիցս կը հանդիպինք օրինակներու՝ Ցեղասպանութենէն փրկուածներու միացումը իրենց ընտանիքներուն հետ, ինչպէս տիկին Հռութը, կամ երիտասարդ հայերու հնարաւորութիւն ընձայուած ըլլալը՝ արդէն հաստատուած տարեցներուն կողմէ՝ ինչպէս Ուլիկեան։
Արաբկիրցի հայերու պատմութիւնը մեզ կը յուշէ նաեւ, որ Սուդանի հայութեան պատմութեան ուսումնասիրութիւնը անաւարտ պիտի ըլլար եթէ անդրադառձ չըլլար Եգիպտահայերու պատմութեանը։ Բոլոր հայերը Սուդան անցան Եգիպտոսի միջոցով, շատ անգամներ երկու կողմերն ալ գործարքներ հաստատելով իրենց կեանքին ընթացքին։ Ի վերջոյ, վերը յիշուած հայերու գաղթի պատմութիւնները տեղի են ունեցեր Թուրքիոյ եւ Անգլօ-Եկիպտական համատիրութեան ժամանակաշրջանին որոնք երկուքն ալ Սուտանը կը կապեն Եգիպտոսին գաղութային եւ կասերական համակարգի միջոցով։
Ինչ կը վերաբերի Սուտանահայ ինքնութեանը, արդարեւ, այս գիրքը որը նուիրուած է Պապիս՝, Խարտում Ցեղասպանութիւնէն 64 տարի անց, ի սկզբանէ շատ բան կը պատմէ՝ չնայած հեղինակի աքսորի մէջ ծնած ըլլալու պարագան։ Սուտանի հայերը շարունակ սերտ կապի մէջ եղած են իրենց հայրենիքին հետ։ Արաբկիրցի հայերը իրենց արհեստներու, գիւղատնտեսութեան եւ առեւտուրի հմտութիւններէն օգտուեցան Սուտանին մէջ այն ժամանակ երբ սկիզբին Եգիպտոս-Թուրքիան, իսկ յետոյ Բրիտանիան կը քաջալերէին օտար համայնքներու մասնակցութիւնը տեղւոյն տնտեսութեանը։
Notes:
For sources on Bishop Derenik Poladian see his biography and his sermons from Ethiopia here.
To learn more about Arabkir’s Armenians refer to the previous blog post, George Jerjian’s book on Arabkir, the original book by Antranik Poladian and the extensive research done by Houshamadyan.
To find out more about Mkrtich Ulikyan, historin Artsvi Bakchinyan has explored the incredible journey of Mkrtich from Constantinople, to Sudan, to Siberia and finally Armenia here. The popular film Amerikatsi (2022) is also about a Genocide survivor moving to Soviet Armenia as part of the repatriation efforts and being imprisoned.
To learn more about Armenian trade networks and how they operated see Sebouh Aslanian’s From the Indian Ocean to the Mediterranean, which examines the commercial activities of New Julfa’s Armenian global mercantile web. While the Sudanese-Armenians were not from New Julfa, the Armenian trade network generally operated similarly.
Extra information on the Kurkjian family and their infastructure business is from Anna Avagyan, Sudanahye Hye Ojakhe in Antranik Dakessian Armenians of Egypt, Sudan and Ethiopia (2022)
Information on Artin Arakilian was from the Historical Dictionary of the Sudan (2013).
Sources:
George Jerjian, Arabkir: Homage to an Armenian Community (Bloomington, IN: Xlibris, 2014)
Antranig Poladian, Պատմութիւն Հայոց Արաբկիրի (1969)
The map used can be found in The Sudan Archive of Durham University
Jamal Mahjoub, A Line in the River: Khartoum, City of Memory (2019)
sudanahye oral history archive
Artsvi Bakchinyan - From Sudan to Siberia: Mkrtich Ulikyan’s Odyssey (2020)
Kramer, R. S., Lobban Jr., R. A., & Fluehr-Lobban, C. (2013). Historical Dictionary of the Sudan (4th ed.). Lanham, MD: Scarecrow Press
Stay updated:
Stay updated on our latest releases - give our social media pages a follow.
We would love to hear from you, whether it be a reflection on this post, a correction or a suggestion, send us an email at vahe@sudanahye.com.