Արաբկիր՝ Մոռցուած Հայրենիք
Երեւակայեցէ՜ք, որ կը թողնէք այն վայրը, որը ճանչցած եւ սիրած էք․ Այն վայրը, ուր ծնած եւ մեծցած էք․ Այն վայրը, որ ձեր ինքնութեան մէկ մասը կը կազմէ։ Երեւակայեցէ՜ք, որ կը ստիպուիք թողնել ձեր հայրենիքը, ճամբուն ընթացքին կորսնցնելով ձեր սիրելիները եւ սկսիլ նոր կեանք մը՝ հեռու, օտար երկիրի մը մէջ։ Երեւակայեցէ՜ք, որ այս բոլորը տեղի կ՚ունենայ այսօրուայ մեր թուականէն դար մը առաջ՝ երբ կարելի չէր հեռաձայնով լուսանկարներ տեսնել այդ վայրէն, համացանցով լուր ստանալ, կամ կապ հաստատել այն հարազատներուն հետ, որոնք տակաւին հոն կը բնակէին։ Երեւակայեցէ՜ք՝ կորսնցուցած հայրենիք մը։
Շատ մը սուտանահայերու արմատները կերկարին դէպի Արաբկիր․ Քաղաք՝, նախկին Օսմանեան Կայսրութեան (ներկայիս Թուրքիայ) Մալաթիայ քաղաքին մօտ ։ Սուտանի մէջ ապրիլը հայկական նոր փորձառութիւն մըն էր արտացոլուած բացառիկ ձեւով՝, ստեղծելով սուտանահայ զանգուածի նոր կեանք եւ ինքնութիւն։ Համայնքի պատմութիւնը ամբողջութեամբ հասկնալու համար, պէտք է նախ վերադառնանք անոնց հայկական արմատներուն, այն հայրենիքին՝ որը կորսնցուցին, եւ փորձենք բացատրել թէ՝ ինչպէս եւ ինչու գաղթեցին դէպի Սուտան։
Սուտանահայութեան առաջին սերունդին պատկանող Դոկտ․ Գէորգ Ճէրճեանի լուսանկարներու հաւաքածոն հազուագիւտ ապացուց է քսաներորդ դարասկիզբի Արաբկիրի հայ կեանքի մասին ։ Այդ լուսաննկարները 2015-ին լոյս տեսան Դոկտ․ Ճէրճեանի թոռան Ջորճ Ճէրճեանի հրատարակած գիրքով՝ «Daylight After a Century – Դոկտ. Գէորգ Ճէրճեանի Օսմանեան Կեանքի Լուսանկարներու Հաւաքածոյ 1915-էն առաջ Արեւելեան Անատոլիոյ Մէջ»։ Ան միեւնոյն ժամանակ հրատարակած է պատմական բնագիրը բացատրող գիրք մը՝ «Արաբկիր – Մեծարանք Հայ Համայնքի Մը» (2014), որը յետմահու համահեղինակուած է Անդրանիկ Փոլատեանի հետ։ Փոլատեանը հեղինակն էր նաեւ «Պատմութիւն Հայոց Արաբկիրի» (1969) գիրքին։ Արժեքաւոր աղբիւր մը եւս Արաբկիրի մասին՝ «Հուշամատեան» նախագիծն է, որ հաւաքած ու վերամշակած է վերոնշեալ գիրքերուն, վկայութիւններուն եւ աղբիւրներուն նիւթերը՝ ստեղծելով համապարփակ յիշողութեան հարթակ մը քաղաքին համար։
Այս աղբիւրները կարելիութիւն կընծայեն մեզ լոյս սփռելու Արաբկիրի հայկական անցեալին վրայ, հասկնալու՝ թէ ինչպէ՛ս Արաբկիրցիները պիտի վերածուէին սուտանահայի։ Այս գրութեան ընթացքին պիտի քննենք քանի մը Արաբկիրցի հայերու պատմութիւնները՝ զանոնք միացնելով այլ վկայութիւններու հետ՝, հետեւելու համար հայկական ճամբորդութեան ուղիի մը Օսմանեան Կայսրութենէն մինչեւ Սուտան։
Քառատող մը՝ Վարսէն Օրունճաքճիէլ-էն՝ Արաբկիրի Մասին - «Արաբկիրցի վերջին մնացորդը»
Օդդ սիրուն, Ջուրդ սիրուն, Դուն սիրուն
Պէս պէս գոյնով ծաղիկներով դալարուն
Չէս դադարեր աշխատեր ես օրն ի բուն
Օդդ սիրուն, Ջուրդ սիրուն, Դուն սիրուն
Գէորգ Ճէրճեանի Ժամանակաշրջանի Արաբկիրը
Դոկտ. Գէորգ Ճէրճեան ծնած է Արաբկիր 1870-ին։ Տեղադրուած՝ կանաչազարդ լեռներու միջեւ, Եփրատի ափերուն մօտ, Արաբկիրը՝ ծառախիտ բլուրներով «գեղատեսիլ քաղաք» մըն էր։ Արաբկիրը Բյուզանդացիներուն կողմէ կոչուած էր Արաբրացէս։ 1021 թուականին Վասպուրականի Արծրունեաց վերջին թագաւորը Սենեքերիմ ենթարկուելով Բիւզանդիոնի Բասիլ II Կայսերի ճնշումներուն ժառանգաբար կը կտակէ իր թագաւորութիւնը Բիւզանդացիներուն, եւ կը գաղթէ դէպի արեւմտեան տարածքներ որոնք ծանօթ էին որպէս Փոքր Հայք։ Արաբկիրը քարաշէն բնակարաններով՝ լեռնալանջերուն տեղակայուած նման էր ամֆիթատրոնի։
Փոլատեանը մանրամասն կը նկարագրէ այս պատկերազարդ քաղաքը՝, թէ ինչպէս Հայը, Թուրքը եւ Քուրդը միասնաբար կ՚ապրէին քաղաքին եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ, նշելով որ հայը թուրքէն տարբերակելու միակ եղանակը Շաբաթ եւ Կիրակի օրերն էին, երբ իւրաքանչիւր խումբ կը հաճախեր իր աղօթավայրը։ Ան նկարագրած է նաեւ շուկաներու, խանութներու, տուներու, գործարաններու, այգիներու, զբօսավայրերու, հովիտներու, ծառերու եւ ծաղիկներու խառնուրդը։ Ան նաեւ կընդգծէ Արաբկիրի հայերու մշակոյթը՝ հարսանիքներու համար գործածուած հեննան, աշուղներու հայերէն եւ թուրքերէն սիրային երգերը եւ չորցուած պտուղներու ու գինին պատրաստելու խոհանոցային սովորութիւնները։ Քաղաքը մշակութային առումով բաւականին զարգացած էր․ բնակչութեան մեծ մասը հայեր ըլլալով ունէին արհեստի, առեւտուրի եւ ձեռնարկատիրութեան մարզերու մէջ բարձր հմտութիւններ։
Արաբկիրի լեռներուն մէջ ձմեռները բաւականին խիստ էին, սակայն բնակիչները ստեղծած էին կեանքի ընթացք մը, որ կը դիւրացներ իրենց ապրելակերպը շուրջ մէկ մեթր նստած ձիւնին հետ (այժմ Արաբկիրի ձիւնը պակսած է 30-50 սմ-ով, որը զգալի ազդեցութիւն ունի շրջակայ միջավայրի եւ մթնոլորտի վրայ)։ Այս քաղաքի՝ զարգացումը 19-րդ դարու վերջաւորութեան նկատելի էր իր նորակառոյց դպրոցներով, եկեղեցիներով եւ տարածուած շուկաներով, սակայն այս զարգացումը փշրուեցաւ 1895-ի Համիդեան զանգուածային ջարդերով։ Այս ողբերգութիւնը Արաբկիրի մէջ սկիզբ առաւ Նոյեմբերի 20-ին ուր նկատելի էր Հայկական թաղամասի հրդեհներու շարունակութիւնը ամբողջ գիշերուայ ընթացքին որուն նաեւ պիտի հետեւեր 20 օրեայ զանգուածային ջարդերը։
Ջարդերուն յաջորդած տարիներուն Արաբկիրցի հայ ոսկերչագործութեան, մետաքսագործութեան, բամբակագործութեան, կօշկակարութեան եւ այլ աշխատանքներու աշխոյժ կեանքը խափանուեցաւ, կեանքը դժուարացաւ, որբերու թիւը աճեցաւ, որուն առ ի հետեւանք՝ 1898-ին բացուեցաւ նոր որբանոց մը։ Այս որբանոցի ատենադպիրը ժամանակին կարձանագրեր, որ «Աղքատները մեծ եւ հուսահատ կարիքի մէջ են»։ Տեղւոյն Բողոքական եռանդուն միսիոներները, որոնք՝, իրենց առաքելութիւնը տարածելու համար, մօտակայ Խարբերդ քաղաքը առած էին որպէս կեդրոն՝, իրենց աջակցութիւնը ցուցուցին Արաբկիրի բնակիչներուն նորոգելով իրենց Մանուսա գործուածքներու վերարտադրութիւնը։ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) 1912-ին նոր մասնաճիւղ մը հիմնելով Արաբկիրի մէջ փորձեց բնակչութեանը մատուցել իր աջակցութիւնը, սակայն չկրցաւ իրագործել իր նպատակը պատճառ ունենալով տեղւոյն տնտեսական ծանր վիճակը։
Երկար տարիներու սովորութիւն էր, մանաւանդ երիտասարդ սերունդին, թողնել իրենց գիւղերն ու փոքր քաղաքները ու պանդխտութեան ցուպը վերցնելով մեկնիլ մեծ քաղաքներ կամ օտար երկիրներ ձեռային աշխատանքի եւ կամ աւելի շահաբեր առեւտրական մարզին մէջ աշխատելու, եւ վաստակած գումարը ետ ուղարկելու իրենց ընտանիքներուն որպէս օգնութիւն։ Համիդեան ջարդերէն ետք պանդխտութեան դիմող երիտարդներու թիւը առաւել աճեցաւ։ Եւ այդպէս պանդխտութեան ցուպը վերցնողներէն մէկը կարելի է համարել Արաբկիրցի Դոկտ. Գէորգ Ճէրճեանը։
Ան՝ մեկնելով Էրզրում (Կարին) իր նախնական ուսման համար կը յաճախէ Սանասարեան վարժարանը ապա անցնելով Եւրոպա կը շարունակէ իր բարձրագոյն ուսումը։ Վերադառնալով Էրզրում 1900-ին նոյն վարժարանին մէջ կը դասաւանդէ եոթ տարի ամառները անցկացնելով Արաբկիրին մէջ։ Քիմիկոս ըլլալով՝ լուսանկարչութիւնը անոր սիրելի զբաղմունքն էր։ Ան լուսանկարած է Օսմանեան Կայսրութեան կեանքը քսաններորդ դարասկզբին։ Անոր լուսանկարներու հաւաքածոն բացայայտուեցաւ անհաւատալի ուղեւորութեամբ մը, որը մանրամասնօրէն ներկայացուած է «Օրուան Լոյսը Դար մը Ետք» գրքին մէջ, եւ լուսանկարներու մասին փաստագրական ֆիլմ մը պատրաստուած է անոր թոռնիկ Ջորճ Ճէրճեանի կողմէ։
“«Պատմութեան այս փոքրիկ մասը՝, այս դար մը հին ապակեայ թիթեղները՝, վկայութիւնն են Օսմանեան կեանքի, որ կորած էր ժամանակի մշուշին մէջ։ Աւելի տպաւորիչը այն է՝ որ հրաշքէ պակաս չէ այն որ այս ապակեայ թիթեղները գոյատեւած են 100 տարիներէ ի վեր աքսորին մէջ։» ”
Դոկտ. Գէորգ Ճէրճեան 1907-ին կուղեւորուի Ալեքսանդրիա, Եգիպտոս, ստանձնելու իրեն առաջարկուած Սուտանի մէջ՝ Արաբկիրցի Գուրգճեան եղբայրներու ձեռնարկութեան տնօրէնի պաշտօնը։ Այս անծանօթ ձգտում մը չէր. շատերը Արաբկիրէն նախապէս տեղափոխուած էին Եգիպտոս։ Նկատի ունենալով որ Սուտանը 1820 -1885 ժամանակաշրջանին կառավարուած էր Եգիպտոսի թագաւորութեան կողմէ՝ իբրեւ Թուրք-Եգիպտական Սուտան ապա՝ 1895-1956 Անգլո-Եգիպտական Համատիրութիւն, շատ հայեր իրենց բարեկամներու եւ ընկերներու քաջալերանքով կը հրաւիրուէին Եգիպտոս եւ Սուտան աշխատանքի։ Օրինակ՝ շատ Արաբկիրցիներ աշխատած էին Գահիրէի Ջրային Ընկերութեան հետ, որը երգիծանքով կոչուած էր նաեւ «Արաբկիրի Ընկերութիւն»։ Տաղանդաւոր այլ հայեր Արաբկիրէն իրենց հմտութիւնները՝ դարբնութիւն, դերձակութիւն կամ հիւսուածագործութիւն, փոխադրած էին Գահիրէի Խան ալ Խալիլի շուկաները։ Եգիպտոս հաստատուած Արաբկիրցի հայերը սակայն իրենց հայրենիքը չէին մոռցած։ Անոնց ներդրումը իր արժանի դերը կատարած էր Արաբկիրի Հայ համայնքի զարգացման եւ յառաջդիմութեան մէջ՝, օրինակ՝ Արաբկիրի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ թանկարժէք վերանորոգման ծախսը հայթայթուած էր Եգիպտոսի Արաբկիրցի Հայ հարուստներու կողմէ։
Դոկտ. Ճէրճեան ամուսնացած էր իր գործատուի աղջկայ Պարկեշտ Գուրգճեանի հետ, ունենալով երեք զաւակ։ 1924-ին ան ի գործ դրած է իր անձնական ձեռնարկութիւնները՝ հիմնելով «Ջիօ. Ճէրճեան եւ որդիներ» եւ «Բիրմինգհամի Պահեստներ» ընկերութիւնները։ Անոր տնտեսական յաջողութիւնը առիթը ընծայեց իր զաւակներուն կրթութիւն ստանալ Ալեքսանդրիայի Վիքտորիայ քոլէճին մէջ, որը յայտնի էր որպէս տեղւոյն եւ միջին Արեւելեան գաղութային անգլեական մեծահարուստ զանգուածի ուսումնարան։ Ան յաճախ յօդուածներով իր մասնակցութիւնը բերած է Գահիրէի մէջ հրատարակուած «Արեւ» օրաթերթին միեւնոյն ժամանակ իր անդամակցութիւնը բերելով նաեւ Ալեքսանդրիայի Պօղոսեան վարժարանի հոգաբարձութեան խորհուրդին։ Ան իր գործոն մասնակցութիւնը բերած է Սուտանահայ համայնքին, որպէս՝ հիմնադիր եւ առաջին նախագահը Սուտանի Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) մասնաճիւղին։ Ան մահացած է 1947-ին Ալեքսանդրիայ՝ 77 տարեկանին։
Գառնիկ Եկաւեանը եւ Արաբկիրի Ցեղասպանութիւնը՝
Դոկտ. Ճէրճեան եւ բազմաթիւ այլ Արաբկիրցիներ փրկուեցան Օսմանեան կայսրութեան փլուզման ժամանակ տեղի ունեցած հալածանքներէն՝, Հայոց Ցեղասպանութենէն։ Չնայած 1914-էն առաջ կատարուած զանգուածային կոտորածներուն եւ գաղթերուն, Օսմանեան մարդահամարը արձանագրած էր Արաբկիրի 34,286 բնակիչ՝ որոնցմէ 9204-ը հայ, 666-ը հայ բողոքական, 221-ը հայ կաթողիկէ եւ 1-ը Յոյն Ուղղափառ։
Արաբկիրի ցեղասպանութեան վկաներէն մէկը Գառնիկ Եկաւեանն էր, որ կը գտնուէր Արաբկիրէն Մալաթիայ արտաքսման շարասիւնին մէջ, ուր ականատես եղած է թէ ինչպէս կաթողիկէ եւ բողոքական հայերը եւրոպացիներու միջնորդութեամբ կանջատուէին եւ կը փրկուէին գաղթի տառապանքներէն։
Այն, ինչ Գառնիկ Եկաւեանը տեսած է այդ մռայլ օրերուն, խորապես ցնցած է անոր իր ողջ կեանքի ընթացքին։ Գառնիկին կը փրկէ Նուրի էֆենդին թաքցնելով անոր հարեւան գիւղերուն մէջ, ուր ան ապաստան կը գտէ մինչեւ «1923 թուականի գարնանային առավոտ մը, երբ մենք հեռացանք մեր տունէն»՝ միանալով Սուդանի միւս արաբկիրցիներուն։ Եկաւեանի ժառանգներէն Զուարթ Եկաւեան աշխատած է ԱՄՆ դեսպանատունը Խարթում, Սուտան ։ Ցավոք, ան և իր քոյրը՝ Արփի Եկաւեանը, որու մասին ան հոգ կը տաներ, մահացան սովէն իրենց տունին մէջ՝ 2023 թուականի Ապրիլին Սուտանի մէջ տեղի ունեցած աղետալի պատերազմի բռնկման հետեւանքով։ Սուտանի հակամարտութեան և մարդասիրական ճգնաժամի քաոսին մեջ անոնց կարգավիճակը անյայտ էր, բայց սուտանահայ համայնքի և Գահիրէի հայկական պատրիարքարանի ջանքերուն շնորհիւ անոնց կարգավիճակը պարզուեցաւ ու թաղումը պատշաճօրէն կատարուեցաւ։
Կորուսեալ Հայրենիքի Որոնումը
Վերջերս պատիւը ունեցայ այցելելու Արաբկիր և վայելելու իմ նախնիներու հայրենիքը։ Ես կը լսէի տատիկիս դեմքին ժպիտը, երբ զանգեցի անոր ըսելու, որ վերջապես հասած եմ այն քաղաքը, ուրկէ անոր հայրը եկած էր։ Այս յիշեցում մըն է, որ պատմութիւնը և նախնիներու հայրենիքը, որը կրնար այդքան հեռաւոր թուալ, դեռեւս կենդանի յիշողության մեջ էին, որոնք գոյութիւն ունէին տատիկիս հօրմէ լսած պատմութիւններուն մէջ։ Այժմ այդ ինձ համար իրականութիւն դարձաւ, ինչպես նաեւ մուտք գործեց յիշողութեանս մեջ, եւ ես դարձայ ընտանիքէս առաջինը, որը վերադարձաւ Արաբկիր, քանի որ իմ նախապապը՝ Սարգիս Դարբինյանը, մեկ դարէ աւելի առաջ էր հեռացած այդ քաղաքէն։ Ան որոշ ժամանակ մը Սուտանի Կոդոկ քաղաքին մէջ խնայողութեամբ ապրելէ ետք՝, 1914 թուականին կը հաստատուի Մալաքալ քաղաքը (երկուքն ալ այժմ Հարավային Սուտանի մէջն են)՝ բանալով «General Stores» անունով խանութ մը։ Ցեղասպանութիւնէն ետք սփիւռքի շատ մը երիտասարդներու համար սովորութիւն դարձած, ան ալ կամուսնանայ Լիբանանի որբանոցէն հայ որբուհիի մը հետ, եւ կը տեղափոխուին Մալաքալ, նախքան ընտանիքի տեղափոխուիլը Օմդուրման եւ ապա Խարթում՝ հոն հաստատուած Սուտանահայ համայնքին միանալու համար։ Տատիկս կ’ըսեր՝, Սարգիսի կորսուած ընտանիքի մեծ մասը և Արաբկիրը անոր ցաւալի յիշողութիւններ պատճառած էին. Ան հեռացած էր Արաբկիրի կանաչ լեռներէն փոխարինելով զանոնք Նեղոս գետով, սակաւաբար խօսելով սակայն իր կորուսեալ հայրենիքի մասին։
Իմ ուղեւորութիւնը դէպի Արաբկիր խորապես յուզիչ էր։ Ան իր վառ արտայայտութիւնը ունեցաւ նշուած աղբիւրներու շնորհիւ, որոնք օգնեցին ինձ վերաիմաստաւորել իմ նախահայրերու կորցրած հայրենիքը։ Իսկ այժմ Անատոլիայի բազմամշակութային պատմական ժառանգութեան քայքայման ալիքի դէմ պայքարելով՝ Մուստաֆա անունով տեղացի պատմաբան մը՝ կը փորձէ շարունակել պահպանել Արաբկիրի հայկական ժառանգութիւնը։ Ան ցոյց տուաւ մեզ հին հայկական տուները և հայկական գերեզմանատունը՝ վերջերս վերանորոգուած Արաբկիրի հայերու միութեան աջակցութեամբ։ Միութիւն մը որը հիմնուած է ցեղասպանութիւնէն ճողոպրած եւ Ստամբուլ գաղթած հայերու կողմէ, որու անդամներէն մեկն էր Վարսենը։
Գիրքերը ճիշտ էին. Արաբկիրը քաղաք էր, որը թաքնուած էր Մալաթիոյ մօտ գտնուող լեռներուն մէջ, անոր միրգերը (հատկապէս չորցրած ծիրանները) քաղցր էին, ջուրերը՝ թարմ, բնակիչները՝ բարեկամական և հետաքրքրուած՝, մանաւանդ երբ ըսինք իրենց որ ես ալ Հայ եմ։ Զգացումները մեծ էին, երբ Մուստաֆան մեզ ծանօթացուց Արաբկիր ապրող (իրական) վերջին հայերու հետ, և մասնաւորապես, երբ անոնք ինձ դիմաւորեցին «աղե՞կ ես»-ով․ Ողջույն, որը ես անցեալին լսած էի կեանքիս մէջ միայն Սուտանցի հայերէն։ Այդ ողջոյնով ես կարողացայ գիծ մը քաշել Արաբկիրի հայկական հայրենիքի և Խարթումի Սուտանցի հայերու իրական հայրենիքի միջև, որը կը փաստեր այն, ինչ տեսած էին այնպիսի մարդիկ, ինչպիսիք էին դոկտ․ Ճորջ Ճերջեանը եւ կամ Սարգիս Դարբինեանը։ Գիծ մը՝ որը մէկդարեայ աքսորի պատճառով լեցուած էր զգացումներով՝ որմով ստիպուած էի ինքս համազուիլ, որ անոնց գոյատեւելու շնորհիւ, անոնք բախտաւոր էին։
Հայկական Արաբկիրի վերջին բեկորը, որը պետք էր ցոյց տրուեր մեզ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին էր, կամ անորմէ մնացածը։ Այս եկեղեցին անցեալին բազմիցս վնասուած էր և վերանորոգուած (որոնցմէ մեկը Եգիպտոսի արաբկիրցի հայերու կողմէ հովանաւորուած վերանորոգումն էր), բայց այն վերջնականապես կործանուած էր պայթուցիկներով 1957 թուականին։ Ան կառուցուած էր գետի ձախ ափին գտնվող ժայռոտ բլուրի մը վրայ։ Կ’ըսուի թէ՝ այս եկեղեցւոյ մէջ անցեալին կարելի էր տեղաւորել մինչև չորս հազար մարդ։ Ան երեւակայութեանս մեջ կենդանացեր էր Դոկտ․ Ջերջեանի լուսանկարներու շնորհիւ, որոնք կը ներկայացնէին եկեղեցին իր լրիւ փառքով (տե՛ս լուսանկարները այս գրառման սկզբին): Գետին նայող ժայռոտ բլուրը՝ հոն էր, բայց եկեղեցւոյ հիմքի քանի մը քարերէն անդին այլեւս ոչինչ կար։
Մուստաֆան ինձ կանչեց բան մը ցցնելու, եւ իսկապես մեկ բան մըն էր մնացած միայն: Ծառերու քանի մը ճիւղերէ անդին եկեղեցիէն մնացած քար մը կար՝ պարզ հայերէն գիրերով։ Քարը օգտագործուած էր մօտակայ տուներէն մեկի հիմքերուն մէջ: Սիրտս դողաց, երբ կարդացի և ծանօթացայ ցեղասպանութեան խորհրդանիշներէն այս մէկին եւս։ Ես կանգնած էի տեղ մը՝ ուր նախապապս՝ կիրակի օրերը կանցնած էր միասնաբար Արաբկիրցի այլ հայերու հետ: Այս մարդոցմէ շատերը զոհուած էին ցեղասպանութեան ժամանակ։ Սակայն անոնց եւ դոքտ․ Ջերջեանի նման ուրիշներ, նոր կեանք ստեղծեցին սփյուռքին մէջ՝ անցնելով Նեղոսը՝ նոր եւ ապահով կեանքի մը միջոցներ փնտռելու: Որպէս Արաբկիրի հարուստ հայկական պատմութեան մասունք Եկեղեցին այժմ անճանաչելի էր, ու գրեթէ անհնար կ’ըլլար գտնել զայն, եթե Մուստաֆայի օգնութիւնը չ’ըլլար:
Հիշելով Հայկական Արաբկիրը
Հայկական Արաբկիրի ժողովուրդը ցրուած է, եկեղեցիները՝ աւերակներու վերածուած, պատմութիւնը գրեթե ջնջուած։ Ան ներկայիս անճանաչելի է, եթե մարդ իսկապես չիմանայ, թե ինչ է փնտռածը։ Սակայն, անոր արձագանքները կը շարունակեն մնալ՝ մնացած քարերու, պահպանուած լուսանկարներու, սերունդէսերունդ փոխանցուած պատմութիւններուն մեջ։
Ինձ նման՝, ովքեր աքսորուած Արաբկիրցի բնիկներու սերունդներէն են, վերադարձի ճանբորդութիւնը ոչ միայն աշխարհագրական որեւէ վայրի մը այցելութիւն է, այլ նաեւ անշոշափելի բանի մը վերականգնում, կապ մը հայրենիքի հետ, որը մենք երբեք չգիտէինք, բայց ինչ որ կերպ միշտ պատկաներ ենք անոր։ Անկախ անորմէ՝, Խարթումի Հայկական ակումբին մէջ զրոյցներու, աքսորուած ժառանգորդներէն մնացած յիշողութիււններու, եւ կորած շինութիւններու որոնման միջոցով, Արաբկիրը կը գոյատեւէ։ Ան կը պահպանուի համատեղ ջանքերով ու կապրի ինքնութիւններու միաձուլման միջոցով՝, այս անգամ՝ Արաբկիրի հարուստ հայկական ավանդոյթները Սուտանի հարուստ մշակոյթներու հետ միաձուլուելով՝ նոր ինքնութիւն մը կը ձեւաւորուի՝ ըլլալով Սուտանահայ։
Notes:
For full collection of photos of Arabkir from Dr. Djerdjian from the ‘Daylight After a Century - Dr George Djerdjian’s Collection of Photographs of pre-1915 Ottoman Life in Eastern Anatolia’ (2015) see Houshamadyan and watch the documentary by George Jerjian on the story of the photos. A big thanks to George Jerjian for his support for the project including permission to use his Grandfather’s photos, supporting in the writing of this blog post and for being a wealth of knowledge on all things Sudanese-Armenian.
Son Arabgirli - The Last Remaining Arapgirsi was published by Birzamanlar Yayıncılık a publishing house that publishes on specific topics, which emphasizes the multicultural identity of Turkey from that day to the present, reveals our coexistence culture, and reinforces the visual materials displayed in the books published by this mission. They also have a permanent exhibition at their gallery in Istanbul which I highly recommend if one is in Istanbul.
Talin Suciyan studied a set of letters written from Armenians in Arabkir to their relatives in Philadelphia in 1913 that give a glimpse into life in Arabkir in 1913.
Houshamadyan is an excellent resource for learning about Ottoman Armenian life, you can find out more about the project in this interview between Project Director Vahe Taschjian and historian Khachig Mouradian. This article on Arapgir’s rchurches and monastaries details the history of the St Asdvadzadzin Church including its renovations and pillaging.
For more on the Hamidian Massacres see Ronald Grigor Suny, "The Hamidian Massacres, 1894–1897: Disinterring a Buried History," Études arméniennes contemporaines 11 (2018): 125–134; Benny Morris and Dror Ze'evi, The Thirty-Year Genocide: Turkey's Destruction of Its Christian Minorities, 1894–1924 (Cambridge, MA: Harvard University Press, 2019; Taner Akçam, A Shameful Act: The Armenian Genocide and the Question of Turkish Responsibility (New York: Metropolitan Books, 2006).
For more on the Armenian Genocide see Raymond Kévorkian, The Armenian Genocide: A Complete History (London: I.B. Tauris, 2011); Taner Akçam, A Shameful Act: The Armenian Genocide and the Question of Turkish Responsibility (New York: Metropolitan Books, 2006); Vahakn N. Dadrian, The History of the Armenian Genocide: Ethnic Conflict from the Balkans to Anatolia to the Caucasus. This short video by Umit Kurt on the Armenian Genocide summarises the history well.
Nubar Pasha and his son Boghos were central figures in The Water Company of Cairo - read more at Le “Sebile” Moderne.
Sources:
George Jerjian, Arabkir: Homage to an Armenian Community (Bloomington, IN: Xlibris, 2014)
Raymond H. Kévorkian and Paul B. Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide (Paris: Editions d’art et d’histoire, 1992)
Antranig Poladian, Պատմութիւն Հայոց Արաբկիրի (1969)
Mayda Saris, Son Arapgirli: Varsen Oruncakciel: The Last Remaining Arapgirtsi (Istanbul: Birzamanlar Yayincilik, 2011)
Churches and Monasteries – Kaza of Arapgir, Houshamadyan
Anoushka Kurkjian, "History & Humanity: An Armenian Perspective of the Implications of Sudan’s Descent into Civil War," Songhai Advisory, August 7, 2023
Kaza Arapgir (Արաբկիր, Arabkir)," Virtual Genocide Memorial
sudanahye oral history and photo archive
Stay updated:
Stay updated on our latest releases - give our social media pages a follow.
We would love to hear from you, whether it be a reflection on this post, a correction or a suggestion, send us an email at vahe@sudanahye.com.