Հայկական կեանքը կայսերական Սուտանի մէջ․ Ցուցահանդէս եւ զրոյց
Հայկական պատմութիւնը Սուտանի մէջ խոր արմատներ ունի։ Առաջին նախաձեռնողները Սուտան հասան 20-րդ դարու սկիզբին։ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը զանոնք մղեց հոն հաստատուելու ու արմատներ գցելու, ու այդպէսով բուռ մը առեւտրականներ վերածուեցան համայնքի մը, որ կը գնահատուէր թէ՛ Սուտանցի հարեւաններուն եւ թէ՛ բրիտանական գաղութային (Colonial) տէրերուն կողմէ։ Սուտանի անկախութենէն ետք, քաղաքական անկայունութեան, հակամարտութեան եւ տնտեսական անկման ժամանակաշրջանները գրեթէ ոչընչացուցին անոնց ներկայութիւնը։ Պատերազմը կրկին ցրուածութեան մատնեց Սուտանահայերը, այս անգամ սակայն վտանգի տակ էր նաեւ անոնց ժառանգութիւնը։ Այս աշխատանքը կը փորձէ կանխել այդ ջնջումը։ Հետազօտութեամբ ու պահպանումով, ներշնչումով ու վերամիաւորմամբ, «Սուտանահայ Ժառանգութեան Նախագիծը» կը ձգտի պաշտպանել բացառիկ պատմութիւն մը, որ երկար ատենէ ի վեր կարծուած էր կորուսեալ՝ ցրուածութեան եւ ժամանակի մէջ։
Քայլ մը դէպի ֆիզիքական աշխարհ
Ցուցահանդէսը, որու խորագիրն էր «Հայկական Կեանք Գաղութային (Colonial) Սուտանի Մէջ», հազուագիւտ պատուհան մը բացաւ հայերու կեանքին վրայ Սուտանի մէջ Անգլո-Եգիպտական ժամանակաշրջանին (1899–1956)։ Ամսթերտամի միջոցառումը, որուն հիւրընկալեց «Move Collective»-ը, տեղի ունեցաւ Օգոստոս 9-ին, իսկ Լոնտոնի ցուցահանդէսը, որու հիւրընկալն էր Համազգայն Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը Մեծն Բրիտանիոյ մասնաճիւղը, տեղի ունեցաւ Օգոստոս 16-ին։
Ցուցահանդէսին ցուցադրուեցան 32 լուսանկարներ, որոնք բերուած էին Սուտանահայ ընտանիքներէ, պաշտօնական հաստատութիւններու արխիւներէ եւ մասնաւոր հաւաքածուներէ։ Ցուցադրութիւնները կատարուեցան “Ֆաթիմա Սալահ”ի խնամակալութեամբ՝, նախագծի արխիւագէտը եւ Խարթումի Համալսարանի ուսանողուհի, որը պատերազմի պատճառով ապաստանած էր Գահիրէ։ Պատերազմը միլիոնաւոր սուտանցիներ մղած է փախուստի, զանոնք զրկելով ոչ միայն ընտանիքի անդամներէն, ապրուստի միջոցներէն ու բնակարաններէն, այլեւ անոնց լուսանկարներէն։ Սուտանահայերու գաղթը նախորդ տասնամեակներուն ապահովեց, որ այդ թանկարժէք լուսանկարները պահպանուին աքսորի մէջ։ Այս լուսանկարները այսօր կանգնած են իբրեւ վկայութիւններ թէ՛ սուտանեան եւ թէ՛ հայկական պատմութեան, բայց նաեւ իբրեւ տեսողական կեդրոն Սուտանահայ ժառանգութեան։
Երկար ճամբորդութիւն դէպի հարաւ
Ցուցահանդէսին կից նախագծի տնօրէն Վահէ Պօղոսեանի դասախօսութիւնը կարճ պատմական ներածութիւն մը տուաւ Սուտանի հայկական համայնքի մասին 1899-1956 ժամանակաշրջանին։ Ան սկսաւ երեք առաջին հայ նախաձեռնողներու ճամբորդութիւններէն․ Փայլակ Տէրունեան, որը գրի առած է 1899-ին իր հիսուն օրուան ճամբորդութիւնը դէպի Օմդուրման՝ բրիտանական բանակին հետ առեւտուր ընելու եւ ապա հաստատուեցաւ հոն։ Գէորգ Ճէրճեան, որ Արաբկիրէն ճամբայ ելաւ Ալեքսանդրիա, ապա Խարթում, ի սկզբանէ աշխատելով Քիւրքճեան եղբայրներուն համար, ապա հիմնելով իր գործը եւ դառնալով Սուտանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (AGBU) կեդրոնական դէմք 1910-20-ական թուականներուն։ Վերջինը, Սարգիս Դարբինեան, որ տեղափոխուեցաւ Մալաքալ՝ Սարգիս Չիրքինեանի օժանդակութեամբ, որը այդ օրերուն առեւտուրով կ’զբաղուեր մօտակայ Քոտոկ գիւղին մէջ։ Դարբինեան հիմնելով խանութ մը՝ մատակարարեց սնունդ եւ առօրեայ իրեր Շիլլուք ցեղախումբին։
Այս առաջին նախաձեռնող հայ առեւտրականները ցուցաբերեցին տոկունութիւն, յաճախ ապրելով Սուտանի հեռաւոր տարածքներուն մէջ, հարմարուելով դժուար կլիմայական եւ տնտեսական պայմաններուն՝ յաջող առեւտրի ապատակներով, եւ այն յոյսով որ իրենց եկամուտը պիտի նպաստէր Օսմանեան Կայսրութեան մէջ մնացած աղքատ հայրենիքին եւ հարազատներուն։ Այդ յոյսը սակայն մարեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ․ Այլեւս Հայրենիք չկար վերադառնալու , եւ Սուտանը ապրուստի միջոց հայթայթելու վայրէն վերածուեցաւ բնակութեան վայրի։
Հայկական կեանք կայսերական (colonial) Սուտանի մէջ
Ցեղասպանութենէն ետք Սուտան ժամանած գաղթական նոր հայերուն հետ՝ առեւտրականներու այս խումբը վերածուեցաւ համայնքի։ Գաղթականները ընդունուեցան, ըլլան անոնք հրաւիրուած հեռաւոր ազգականներ կամ որդեգրուած որբեր։ Առեւտուրի կողքին համայնքը սկսաւ զբաղիլ բազմազան գործարքներով՝ Խարթումի մէջ, որոնց արդիականացումը կը ձեւաւորուէր բրիտանական գաղութային կերպարով։ Առեւտրական յաջողութիւնը վերածուեցաւ աշխոյժ եւ կենսունակ համայնքային կեանքի՝ դպրոցներով, եկեղեցիներով ու կեդրոններով։ 1956-ի Սուտանի անկախութեան ժամանակ, հայերը արդէն հաստատուած մաս կը կազմէին Սուտանի հասարակութեանը։ Սակայն անոնց դիրքը նոյնպէս կը ձեւաւորուէր գաղութային աստիճանակարգով՝, աւելի արտօնեալ քան «տեղացիները», բայց երբեք համահաւասար բրիտանացիներուն։ Հայերը այս միջավայրը նաւարկեցին՝ պատկանելիութիւն գտնելով նախ անձնական, ապա նաեւ հանրային տարածքներուն մէջ։ Ահա այս պատկանելիութեան ուղին էր “Ֆաթիմա Սալահ”ի լուսանկարչական աշխատանքներու նիւթը, զոր լրացուեցաւ փաստաթուղթերով, լուսանկարներով եւ հազուագիւտ տեսաժապաւէնով մը 1956-ի՝ Խարթումի Հայկական կանանց միութեան տօնակատարութեան պարահանդէսէն։
Վերագտնում եւ Վերամիաւորումներ
Ամսթերտամի միջոցառումը առաջին ցուցահանդէսն էր, որ տեղի ունեցաւ «Move Collective»-ի նոր համայնքային տարածքին մէջ հարեւան համայնքներու եւ նորեկ անդամներու մասնակցութեամբ որոնք հետաքրքրուած էին այս եզակի միջոցառմամբ։
Լոնտոնի միջոցառումը որը տեղի ունեցաը Լոնտոնի Նաւասարդեան Կեդրոնի սրահին մէջ ոչ միայն պատմական դաս էր, այլ նաեւ վերամիաւորումի եւ անդրադարձի պահ։ Առաջին անգամ ըլլալով միջոցառումը ամբողջովին նուիրուած էր Սուտանահայ համայնքին։ Հոն ներկայ էին նաեւ սուտանցի օտարականներ եւ աւելի լայն սուդանցի սփիւռքահայ անդամներ, որոնք ծանօթացան իրենց երկրի պատմութեան հատուածի մը, որ մինչ այդ միայն աւագ սերունդները կը յիշէին, որով սակայն նոր սերունդը եւս կրնայ զբաղիլ այսուհետ։ Պատերազմի եւ մարդասիրական ճգնաժամի մթնոլորտին մէջ, Նեղոսի ափերու համակեցութեան պատկերները բերեցին քաղցր հայրենատենչական զգացումներ եւ ընձեռեցին անդրադարձի պահ մը։ Մթնոլորտը սորուելու ու բացայայտելու առիթ մըն էր։ Նախաձեռնութեան մասնակիցները հեռացան մասնաւոր բացիկներով, որոնք սկզբնապէս պատրաստուած էին Սուտանահայ լուսանկարչական ստուդիաներու կողմէ Խարթումի մէջ։ Վերատպուած ու բաշխուած՝ անոնք դարձան յուշագրութիւնը այս բացառիկ միջոցառումին։
«սուտանահայ»ի համար այս առաջին իրադարձութիւնները սկիզբ մըն են։ Հետազօտութիւններով կիսուելու հնարաւորութիւնը եւ խօսելու համայնքներուն հետ բացառիկ արժէք ունին։ Բայց աւելի կարեւորը՝ այս միջոցառումները վերածեցին յիշողութիւնը եւ հետազօտութիւնը ժառանգութեան։ Կայքէջի կամ ընկերական ցանցերու սահմաններէն անդին, նախագիծը դարձաւ Սուտանահայ համայնքի պատմութեան մաս մը, որը պիտի շարունակենք բացայայտել ու հրատարակել։
Thanks to all those who assisted in the organising of the event including Hamazkayin London and Move Collective in Amsterdam and a special thanks to all those who attended and made the events so special. We have received multiple requests from people who were unable to attend or were not based in London or Amsterdam who want to see the exhibition and the talk. We are working on bringing the exhibitions to more locations and once this is completed we will make the exhibition and the talk available online - we appreciate your patience in the meanwhile.